Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող Մութթահետի նախագահ Ահմետ Սաֆատի, Պէյրութի նախագահ Նետիմ Հաքիմ եւ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ միացեալ ժողով մը գումարելով պահանջեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրաժարականը:
Երեք ակումբներու նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Լիբանանի Ա. դասակարգի կազմերուն հետ հանդիպում-ժողով մը գումարելու` քննարկելու համար այս հարցը եւ լիբանանեան պասքեթպոլի շահերէն մեկնելով պահանջելու ֆետերասիոնին անմիջական հրաժարականը:
Անոնք յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը, թէ ֆետերասիոնը ինչո՞ւ 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով պէտք եղած մանրամասնութիւնները չի հրապարակեր:
Անոնք յայտնեցին, որ շուտով պիտի ճշդուի թուական մը` տալու համար մամլոյ ասուլիս մը, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ ակումբներու ներկայացուցիչներուն, մարզիչներուն, մարզիկներուն, իրաւարարներուն եւ մարզական լրագրողներուն, որոնք իրենց կարեւոր եւ շինիչ դերը ունին լիբանանեան պասքեթպոլի աշխարհին մէջ:
Շնորհաւորելէ ետք Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին արձանագրած վերջին երկու յաղթանակները` անոնք յայտարարեցին, որ իրենց նիստերն ու ժողովները բաց պիտի ձգեն` իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնելով գործակցելու եւ խորհրդակցելու բոլոր ակումբներուն հետ անխտիր: