– Պելճիքա 2-0 Իր Ուշացումը Վերածեց… 3-2 Արդիւնքով Քիչ Մը Դժուար Յաղթանակի Մը
– Պրազիլ – Մեքսիքա` 2-0
– Այսօր` Շուէտ – Զուիցերիա Եւ Քոլոմպիա – Անգլիա
Երէկ` երկուշաբթի, 2 յուլիսին, Ճափոն պիտի ստեղծէր 2018-ի մոնտիալին մեծագոյն անակնկալը, եթէ կարենար յաղթանակ մը արձանագրել տիտղոսին գլխաւոր թեկնածու նկատուող կազմերէն Պելճիքայի դէմ:
Սակայն պատահեցաւ անսպասելին, եւ Պելճիքա իր 2-0 ուշացումը վերածեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակի մը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (94-րդ), Նասեր Շատլի նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Ճափոն մինչեւ 69-րդ վայրկեանը 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Կենքի Հարակուչիի (48-րդ) եւ Թաքաշի Ինուիի (52-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ: Սակայն Պելճիքա յաջողեցաւ երկու անգամ պատասխանել` շնորհիւ Եան Վերթոնկենի (69-րդ՛) եւ Մարուան Ֆելլայնիի (74-րդ), որմէ ետք նշանակուեցաւ մահացու կոլը:
Աւելի քան 41 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարն էր սենեկալցի Մալանկ Տիետհիու:
Այսպիսով, Պելճիքա, որ յաջողեցաւ շրջանցել Ճափոնի արգելքը, քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Պրազիլի դէմ, որ երէկ Մեքսիքայի դէմ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շուրջ 42 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Նէյմար (51-րդ) եւ Ռոպերթօ Ֆիրմինի (88-րդ) նշանակեցին Պրազիլի 2 անպատասխան կոլերը:
Մեքսիքա փորձեց բաւական լաւ առիթներ ձեռք ձգել, առանց սակայն կարենալ ցնցելու Պրազիլի բերդին ուռկանը:
Օրուան իրաւարարն էր իտալացի Ճիանլուքա Ռոքքի:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` երկու մրցումով: Ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Շուէտ կը մրցի Զուիցերիոյ դէմ, իսկ ժամը 21:00-ին Անգլիա` Քոլոմպիոյ դէմ: