Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ Լիբանանի լեռնային հանգրուանի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, Զաարուրէն Պիսքանթա, որ ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձր է:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամ ակումբներու 37 հեծելանւորդներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն մասնակցողներ:
Տեղի ունեցան, 105 քմ-ի (երիտասարդներ) եւ 145 քմ-ի (մեծեր) մասնակիցներ:
Ֆետերասիոնին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Թայմինկ իմըճ» ընկերութեան հսկողութեամբ ճշդուեցան այս մրցումին ժամանակացոյցերը:
Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլաով մեծերու տիտղոսին տիրացաւ` Էլիաս Ապու Ռաշետ (լիբանանեան հեծելարշաւի ակումբ, Նապաթիէ), որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 30′ 20″ արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Պայք-Լեպանոն խումբին մաս կազմող Յովսէփ Գանլըճեան (4 ժամ 32′ 09″):
Իսկ երիտասարդներու տիտղոսին տիրացաւ Եան Պուզան (Պայք Լեպանոն), որ արձանագրեց 3 ժամ 35′ 37″ արդիւնք մը:
Էլիաս Ապու Ռաշետ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով այս տիտղոսին տիրանալով հաւասարեցաւ 1960-ականներու Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդ Ազատ Գալաճեանի հաստատած մրցանիշին: Գալաճեան եւս չորս տարի (1961, 1962, 1963 եւ 1964) հանդիսացած էր Լիբանանի ախոյեան:
Մրցումի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: