Հովանաւորութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, կիրակի, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմակերպուած կէս-մարաթոնի վազքի մրցումը (21.1 քմ)` մասնակցութեամբ 1500 երկսեռ վազողներու: Անիկա տեղի կ՛ունենար 11-րդ տարին ըլլալով:
«Ձեռք-ձեռքի` ապահովութիւնը կ՛ամրապնդուի» խորագիրը կրող այս կէս-մարաթոնը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Անիկա սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 6:55-ին, Ազգային թանգարանին առջեւէն (Մաթհաֆ):
Տղոց կէս-մարաթոնի ախոյեանի տիտղոսին տիրացաւ Լիբանանեան բանակին մաս կազմող Հիւսէյն Աուատա, որ արձանագրեց 1 ժամ 13′ 17″ արդիւնք մը:
Իսկ աղջկանց պարագային առաջին հանդիսացաւ «Լեթց Ռան» ակումբին մաս կազմող Մարիա Փիա Նաամէ (1 ժամ 28′ 22″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



