Հակառակ անոր որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, 2018-ի մոնտիալին բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց չխզել իր պայմանագրութիւնը ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւի հետ:
Այս լուրին ի տես ան ֆետերասիոնին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց` միեւնոյն ժամանակ յայտարարելով, որ պիտի կատարէ բաւական լուրջ փոփոխութիւններ` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:
Լոյեւ Գերմանիոյ մարզիչի պաշտօնը կը վարէ 2006-էն ի վեր:



