Կազմակերպութեամբ «Ուան Լեպանոն» ընկերութեան, վաղը` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի իւրայատուկ մրցում մը:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ երգահանդէս մը, երեկոյեան ժամը 20:30-էն սկսեալ, մասնակցութեամբ երգիչներ Թանիա Քասսիսի, Մարք Հաթեմի, Նինա Ապտելմալաքի եւ Ազիզայի:
Ֆութպոլի այս իւրայատուկ մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուներու կողմէ կազմուած խումբ մը: Անիկա իրեն մրցակից պիտի ունենայ այլ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Մարք Հաթեմ, Սիլվիօ Շիհա, Ռոճ, Էլի Ռըսթոմ, Ռոնի Ֆահըտ, Ճեքի Շամուն, Ալեքսանտր Նաժժար, Մազեն Քիուան, Ֆուատ Մքահհալ եւ ուրիշներ:
Այս մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1998-ի մոնտիալի տիտղոսին տիրացած Քրիսթիան Քարամպէօ:


