«Սի. Էֆ. Սի. Պի.», որ կը զբաղի եւրոպական ակումբներու նիւթական հսկայական ծախսերուն հսկողութեամբ, կրկին կասկածներ ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի շուրջ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ֆրանսական ակումբին ֆեր-փլէյի հարցը:
Նշենք, որ նախապէս փարիզեան ակումբը խուսափած էր պատժամիջոցներէն` նկատի ունենալով, որ անիկա կատարած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պահանջները եւ վաճառած 159 միլիոն եւրոյի ֆութպոլիստ:


