Մարզական

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Դարձեալ Դուրս Է Լաւագոյն Տասնեակէն

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած յուլիս ամսուան նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 2767 վարկանշային կէտ, դարձեալ դուրս մնաց լաւագոյն տասնեակէն եւ այժմ կը գրաւէ 12-րդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2842), երկրորդ դիրքին վրայ` ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա (2822), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ազրպէյճանցի Շահրեար Մամետեարով (2801):...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս Կ՛ուղղուի Դէպի Լէյքըրզ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող աստղերէն Լեպրոն Ճէյմսի գործակատարը յայտնեց, որ 33 տարեկան մարզիկը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ: Նշուեցաւ, որ չորս տարուան պայմանագրութեան դիմաց ան պիտի գանձէ 154 միլիոն ամերիկեան տոլար: Վերջին չորս տարիներուն բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրող Լէյքըրզ կը փորձէ եւ մեծ աշխատանք կը տանի, զօրացնելու իր շարքերը` 2018-2019 տարեշրջանին...

Պիւֆոն Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Դառնայ Փարիզ Սեն Ժերմենի Ֆութպոլիստ

Եուվենթուսի նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն շատ մօտ է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելուն, կը յայտնէ «Ֆութպոլ-Իտալիա»: Վերջերս ան հրաժեշտ տուաւ Եուվենթուսին, որուն մաս կազմեց 17 տարի: 40 տարեկան Պիւֆոն յառաջիկայ շաբաթ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմին հետ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի: Անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները յստակացած են: Ան Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ` տարեկան 8 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:

Սալահ` Լիվըրփուլի Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ նոր պայմանագիրով դարձաւ Լիվըրփուլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Անոր նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023: Ան շաբաթական պիտի ստանայ 200 հազար փաունտ (226 հազար եւրօ): 26 տարեկան ֆութպոլիստը 2017-ի ամրան Ա. Էս. Ռոմայէն տեղափոխուեցաւ Լիվըրփուլ` փոխան 42 միլիոն եւրոյի: Ան նախորդ տարեշրջանին «Փրեմիեր-լիկ»-ին մէջ մրցանիշ մը հաստատեց`...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Անուանի Ֆութպոլիստներ Մեսսի, Ռոնալտօ Եւ Ինիեսթա Հրաժեշտ Տուին Մոնտիալին - Այսօր` Պրազիլ – Մեքսիքա Եւ Պելճիքա - Ճափոն Ռուսիոյ մէջ կատարուող 2018-ի մոնտիալի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Արձանագրուած արդիւնքները բաւական ծանր եղան ֆութպոլի պատմութեան մէջ իրենց անունը արձանագրած կազմերուն համար, որոնց կարգին էին...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանան 37 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Սուրիոյ (87-50)

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան 37 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Սուրիոյ (87-50)

Ասիա - Ովկիանիա գօտիին Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ մրցեցաւ Սուրիոյ դէմ, բաւական մեծ` 37 կէտի տարբերութեամբ, 87-50 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Սուրիոյ: «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցան լիբանանցի հազարաւոր համակիրներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը: Լիբանանէն ամէնէն շատ...

Գործակցութեամբ «Մաժըրի» Հաստատութեան. Հուփս Պիտի Կատարէ Մարզական Յատուկ Բանակում Մը

«Իմփերիալ Սուիթ» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հուփս Պէյրութի ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ յայտարարեց, թէ 13-15 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մարզական բանակում մը` գործակցութեամբ «Մաժըրի» հաստատութեան: Այս յատուկ փորձերը պիտի կատարէ թունուզցի արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Սալեհ Մաժըրի, որ մաս կը կազմէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Տալաս Մավըրիքսի: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Ժորժ...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Փինկ Փոնկ. Այսօր Կը Սկսի Փաթրիք Ասսաֆի Անուան Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, այսօր` երկուշաբթի, 2 յուլիսին, կը սկսի Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի 14-րդ տարեկան մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 17 ակումբներէ աւելի քան 300 երկսեռ մարզիկներ` բոլոր դասակարգերուն մէջ: Մարզիկներուն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, մինչ մրցումները կը սկսին ժամը 16:30-ին:  

«Չեմ Պատրաստուիր Մասնակցիլ Հայաստանի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն» Ըսաւ Ռուբէն Հայրապետեան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ չի պատրաստուիր մասնակցելու Հայաստանի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Կեանքիս մեծագոյն սխալը կը նկատեմ այն, որ մտած եմ քաղաքականութեան մէջ: Այսուհետեւ երբեք այդ սխալը պիտի չկրկնեմ: «Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, ես երբեք չըսի, թէ պիտի չմասնակցիմ անոր: Եթէ կայ անձ մը, որ կ՛ուզէ այդ...

Կռփամարտ. Նարեկ Աբգարեան Տիտղոսակիր` Սպանիոյ Մէջ

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի յառաջատարներէն Նարեկ Աբգարեան, սպանական Պենիտորմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյին ընթացքին, 10 ռաունտի ընթացքին բացայայտ առաւելութեամբ յաղթեց մեքսիքացի Խեսուս Կալիսիային եւ տիրացաւ «Տապըլիու Պի. Սի.»-ի «Ինթըրնեշընըլ-Սիլվըր» գօտիի տիտղոսին: Աբգարեան Հայաստանի բազմակի ախոյեան է եւ մասնակցած Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն: Արհեստավարժ ասպարէզին մէջ ան հանդէս կու գայ 2016-էն ի վեր (10 յաղթանակ, 6-ը` նաք-աութով):

Մասքերանօ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Միջազգային Ասպարէզը

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Խաւիէ Մասքերանօ, 2018-ի մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին Ֆրանսայէն իր կազմին կրած պարտութենէն (4-3) ետք պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային իր ասպարէզը: «Ժամանակը հասաւ մնաս բարով ըսելու Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին: Այժմ ես մեր երկրին ազգային խումբին համակիր մըն եմ` բոլոր ազգակիցներուս նման», ըսաւ 34 տարեկան ֆութպոլիստը: Մասքերանօ, որ 2003-էն ի վեր մաս կը...

2018-ի Մոնտիալ.  Այսօր Կը Սկսին 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումները, Որոնք Պիտի Ըլլան Նաք-Աութի Դրութեամբ

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր Կը Սկսին 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումները, Որոնք Պիտի Ըլլան Նաք-Աութի Դրութեամբ

Օրուան մը հանգիստէ եւ դադարէ ետք, այսօր կը վերսկսի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալը, երբ կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները: Այսօր եւ յաջորդող երեք օրերուն, իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենան երկուքական մրցումներ: Ինչպէս ծանօթ է, խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները այժմ աւարտած են, եւ մրցաշարքը պիտի շարունակուի նաք-աութի դրութեամբ: Իւրաքանչիւր խումբ, որ պարտութիւն կը կրէ, հրաժեշտ կու տայ մոնտիալին: Բնականաբար,...

Պասքեթպոլ. Վաղը` Լիբանան – Սուրիա

«Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ վաղը` կիրակի, 1 յուլիսին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը մրցի Սուրիոյ դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին: Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք վաղուան այս մրցումը Լիբանանի եւ այլ կազմերու համար պիտի ըլլայ վերջին` աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Անոնց աւարտէն ետք, խումբերը այլ մրցումներ եւս ունին կատարելիք Բ. հանգրուանին ընթացքին,...

Զարիֆէ. «Ժիհատ Սալամէն Պէտք Է Նշանակուի Լիբանանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար»

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ երէկ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնին համար նշանակուելիք նոր նախարարը պէտք է լաւապէս տեղեակ եւ հմուտ ըլլայ մարզաշխարհէն, որովհետեւ ատոր շնորհիւ է, որ ակումբներն ու անհատները յառաջխաղացք եւ արդիւնք կ՛արձանագրեն իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին: Հապիպ Զարիֆէ (ձախին) եւ Ժիհատ Սալամէ Ան առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ,...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելիին Մասնակցող 29 Վարորդները

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Ստորեւ այդ ռելիի կազմակերպիչ յանձնախումբին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած են 2 վարորդներ: 1.- Նասեր Սալեհ Աթիէ (Քաթար) - Մեթիու Պոմել (Ֆրանսա) «Ֆորտ-Ֆիեսթա-Ար.-5» 2.- Ռոժէ Ֆըղալի - Ժոզեֆ Մաթար...

Միջերկրականեան Խաղեր-2018. Լիբանանցի Մարզիկները Չեն Յաջողիր Մետալներու Տիրանալ

Թարակունայի մէջ (Սպանիա) շարունակուող Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն ծիրին մէջ, ժիւտոյի մրցումներուն Նասիֆ Էլիաս (90 քկ եւ վար) ձախողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ, երբ իր կատարած վերջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց աշխարհի դասաւորման 28-րդ դիրքը գրաւող իտալացի իր մրցակիցէն` Նիքոլաս Մանկայէն: 81 քկ եւ վար դասակարգին մէջ իր կարգին պարտութիւն կրեց Լիբանանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Սթիւըն Ազար (դասուած` 306-րդ), թունուզցի Ապտել...

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած ընթացիկ ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի բոլոր դասակարգերու մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, թէ կիրակի, 1 յուլիսին, Զաարուրի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճամբու ախոյեանութեան մրցումը` երիտասարդներու (105 քմ) եւ մեծերու (145 քմ) դասակարգին մէջ: Իսկ ճիշդ շաբաթ մը, ետք` կիրակի, 8 յուլիսին, ժամացոյցի դէմ մրցումը: Ժողովականները տեղեակ պահուեցան, որ Լիբանանի...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ Դանիայէն

Եւրօ-2012-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը Քոփենհակընի մէջ 90-64 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց դաշտին տիրոջմէն` Դանիայէն: Երթի մրցումին եւս Հայաստան Երեւանի մէջ պարտուած էր նոյն իր մրցակիցէն` 78-71 արդիւնքով: Բ. խմբակին մէջ, Հայաստան, որ այժմ կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ, այսպիսով պարագլուխի դիրքը գրաւելու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց: Նիքշա Փաւցեւիչի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, իր...

Գէորգ Ղազարեան Հրաժեշտ Տուաւ Մարիթիմոյին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան յայտարարեց, թէ ինք կը հեռանայ փորթուգալեան Մարիթիմոյէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց հետ գործակցեցաւ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին: Ցարդ յայտնի չէ, թէ հայ ֆութպոլիստը ո՛ր ակումբին պիտի միանայ:

2018-ի Մոնտիալ. Մարատոնա Ռուսիոյ Մէջ Գտնուելու Համար Օրական Կը Ստանայ 11 Հազար Եւրօ

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա 2018-ի մոնտիալին ընթացքին Ռուսիոյ մէջ գտնուելուն համար օրական կը ստանայ 11 հազար եւրօ, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Ան ընդգրկուած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի կողմէ կազմուած «Անցեալի ֆութպոլի աստղերու խումբին» մէջ, որուն անդամները աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին պէտք է մասնակցին տարբեր տեսակի միջոցառումներու: ՖԻՖԱ-ն կը հոգայ նաեւ արժանթինցիին փոխադրութեան եւ կեցութեան ծախսերը:

Page 823 of 1278 1 … 822 823 824 … 1,278

Արխիւներ