Մարզական

2018-ի Մոնտիալ

2018-ի Մոնտիալ

- Աշխարհի Ախոյեանը Պիտի Ըլլայ... Եւրոպայէն. Պրազիլ Եւ Ուրուկուէյ Դուրս Մնացին - Այսօր` Շուէտ – Անգլիա Եւ Ռուսիա - Խրուաթիա Երկու օրուան դադարէ մը ետք, երէկ վերսկսան Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի մրցումները, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի երկու ճակատումներ: Երէկուան երկու մրցումներն ալ աւարտեցան եւրոպական խումբերուն յաղթանակով, որոնք պարտութեան մատնեցին հարաւային ամերիկեան իրենց մրցակիցները: Ասիկա կը նշանակէ ուրեմն, որ...

Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելի.  Այսօր Կը Սկսի «Ինքնաշարժներու Պատերազմը» Լիբանանցի, Քաթարցի Եւ Չեխ Վարորդներուն Միջեւ

Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելի. Այսօր Կը Սկսի «Ինքնաշարժներու Պատերազմը» Լիբանանցի, Քաթարցի Եւ Չեխ Վարորդներուն Միջեւ

Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին իսկական ազդանշանը կը տրուի այսօր` շաբաթ, 7 յուլիսին, երբ սկսի «ինքնաշարժներու պատերազմը» լիբանանցի, քաթարցի եւ չեխ վարորդներուն միջեւ, որոնք իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն` տիրանալու համար տիտղոսին: Երէկ, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի ունեցած ցուցադրական մրցումին (որ այդքան ալ չ՛ազդեր ռելիին վրայ), առաջին հանդիսացաւ Ռոժէ Ֆըղալի, իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ, երբ իր ինքնաշարժին`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Հանգրուանի Բաժակի Մրցաշարքին ՀՄԸՄ-ի Մրցակիցը` Մապարրա

  Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ այլ ախոյեանութիւններու վիճակաձգութիւնը: Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մրցակիցը պիտի ըլլայ Մապարրա: Մրցումներուն թուականը, վայրը եւ ժամը, պիտի հրապարակուին յաջորդ նիստին: Ա. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Բ. հանգրուանին, ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Շապապ Պըրժ - Սաժես մրցումին յաղթականը:...

2018-ի Մոնտիալ. Խրուաթիոյ Նախագահը Ներկայ Պիտի Ըլլայ Ռուսիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումին

Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Քիթարովիչ ներկայ պիտի ըլլայ 2018-ի մոնտիալի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ կատարուելիք Ռուսիա - Խրուաթիա մրցումին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ան ներկայ եղաւ նաեւ Խրուաթիոյ կատարած մէկ այլ մրցումին, ուր անիկա մրցեցաւ Դանիոյ դէմ (խմբակներու մրցումներ): Այս մրցումին Խրուաթիա յաղթեց փենալթիներով: Ռուսիա - Խրուաթիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

2018-ի Մոնտիալ. Իրաւարար Ֆելիքս Պրիխ Հեռացուեցաւ Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Գերմանացի իրաւարար Ֆելիքս Պրիխ զրկուեցաւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի մրցումները սպասարկելու կարելիութենէն: ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Սերպիա - Զուիցերիա ճակատումին ան կատարեց քանի մը սխալներ, որոնք կը նկատուին անընդունելի: Այդ մրցումէն ետք, Սերպիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը Պրիխը մեղադրեց կողմնակալութիւն կատարելու յանցանքով, որովհետեւ անոր օգնութեամբ Զուիցերիա յաղթանակ մը արձանագրեց: Պէտք է նշել, որ այդ մրցումին ան...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Տիտղոսակիր Մուկուրուցա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն` Պարտութիւն Կրելով Պելճիքացի Ույթվանքէն

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ պելճիքացի Ալիսոն Վան Ույթվանք, որ աշխարհի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 47-րդ դիրքը, ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսակիր եւ 3-րդ դասուած սպանացի Կարպին Մուկուրուցան` արձանագրելով 5-7, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց`...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Ուրուկուէյ – Ֆրանսա Եւ Պրազիլ – Պելճիքա

Երկու օրուան դադարէ եւ հանգիստէ ետք, այսօր` ուրբաթ, 6 յուլիսին, կը վերսկսին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալին ճակատումները, երբ կը կատարուին քառորդ աւարտականի առաջին երկու հանդիպումները: Մնացեալ երկուքը տեղի կ՛ունենան վաղը: Այսօրուան առաջին մրցումին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իրարու դէմ պիտի մրցին Ուրուկուէյ եւ Ֆրանսա: Իսկ ժամը 21:00-ի ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պրազիլը եւ Պելճիքան: Ուրուկուէյ - Ֆրանսա...

2018-ի Մոնտիալ. Նէյմար 4 Մրցումի Ընթացքին 13′ 50″ Պառկած Եղած Է Խոտածածկին Վրայ

«Ար. Թի. Էս.-Սփորթց» մարզական լրատու գործակալութիւնը, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարի կատարած 4 մրցումներուն անդրադառնալով, կը յայտնէ, որ 2018-ի մոնտիալին ընթացքին ան 13' 50" պառկած եղած է խոտածածկին վրայ: Մանաւանդ Մեքսիքայի դէմ կատարուած մրցումին, ան 5' 30" պառկած է խոտածածկին վրայ: Կարգ մը լրատու գործակալութիւններ, անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին անդրադառնալով Նէյմարին նշեցին, որ ըստ երեւոյթին ան կրնայ յաջողութիւն...

ՖԻՊԱ-ն Կախակայեց Մէյրուպան

Լիբանանեան մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Մէյրուպա ակումբին` նշելով, որ ՖԻՊԱ-ն կախակայեց նշեալ ակումբը` արգիլելով ոեւէ մարզիկի փոխանցում անոր շարքերուն մէջ, ըլլա՛յ Ա. դասակարգի կամ այլ դասակարգերու մրցումներուն անոր մասնակցութեան ընթացքին: Կախակայման այս որոշումին պատճառը այն է, որ ակումբը իր տեղացի եւ օտար մարզիկներուն ամսականները չէ վճարած, երբ խումբը մաս կը կազմէր Ա. դասակարգին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Ղազի Շաար Ընտրուեցաւ Սաֆա Ակումբի Նախագահ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ղազի Շաար Ընտրուեցաւ Սաֆա Ակումբի Նախագահ

Երէկ` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ) տեղի ունեցան Սաֆա ֆութպոլի ակումբի նախագահական ընտրութիւնները: Նախ եւ առաջ կարդացուեցան վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները, որոնք վաւերացուեցան ժողովականներուն կողմէ: Ապա տեղի ունեցան ակումբին ընտրութիւնները: Ակումբին նոր վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալները. Ղազի Շաար (նախագահ), Աքրամ Շիա (Ա. փոխնախագահ), Ուալիտ Սֆէյր (Բ. փոխնախագահ), Հայսամ Շաապան (ընդհանուր քարտուղար), Ռիպալ Պու Ղանեմ (գանձապահ), Ուասիմ Ղատտաժ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն

- 2-րդ Դասուած Վոզնիաքի Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն - Ուիլիըմզ Քոյրերը` Դէպի Գ. Հանգրուան Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց Բ. հանգրուանի շարք մը ճակատումներ: Էքաթերինա Մաքարովա Աղջկանց մրցումներուն, ռուս Էքաթերինա Մաքարովա երէկ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ 6-4, 1-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց...

Քլինսման Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Ճափոնի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Եիւրկըն Քլինսման շատ հաւանաբար ստանձնէ Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական պատկերասփիւռի կայանը: Ճափոնի այժմու մարզիչն է Ամիրա Նիսինօ, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս ամսուան վերջաւորութեան: Կը կարծուի, որ անոր ապագային գծով որոշում մը պիտի յստականայ այս շաբաթ: Սակայն կարգ մը այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Քլինսման...

Կուարտիոլա` Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզի՞չ

Կոլ.Քոմ կայքը կը յայտնէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա կը նկատուի Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուներէն մէկը: Կը նշուի, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Կուարտիոլային պիտի առաջարկէ տարեկան 12 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այդ գումարին կէսը պիտի վճարեն խումբ մը արժանթինցի գործատէրեր: Սակայն ըստ երեւոյթին այս տեղեկութիւնները տարաձայնութիւն են` նկատի ունենալով, որ Կուարտիոլա անգլիական ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը...

Ռոնալտօ Տուն Կը Փնտռէ Թորինոյի Մէջ

Ռոնալտօ Տուն Կը Փնտռէ Թորինոյի Մէջ

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը պատրաստուի տեղափոխուելու Եուվենթուս` նկատի ունենալով, որ ըստ «Մարքա»-ի, ան տուն կը փնտռէ Թորինոյի մէջ: Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան փորթուգալցին կը փափաքի փոխադրուիլ նոր կազմ մը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Եուվենթուս պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 120 միլիոն եւրօ, իսկ ֆութպոլիստին տարեկան վարձատրութիւնը բարձրացնելու 30 միլիոն եւրոյի: Սկզբունքով, երէկ յատուկ ժողով մը տեղի պիտի ունենար...

ՖԻՖԱ-ն Քննադատեց Մարատոնան

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ՖԻՖԱ-ն խստօրէն քննադատեց արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնան, որ 2018-ի մոնտիալին գծով տեղի ունեցած Անգլիա - Քոլոմպիա մրցումին կեդրոնի իրաւարար, ամերիկացի Մարք Կայկըրի հասցէին ուղղած էր անվայել խօսքեր` նշելով, որ ան իսկական գող մըն է, իսկ անոր սուլիչներն ու տուած որոշումները եղած են օրինակելի կողոպուտ: Այս մոնտիալին Մարատոնա ՖԻՖԱ-ի հրաւիրեալներէն մէկն էր: Սակայն...

Պաշտօնական Բացում` Ծովային Մարզական Մեքանիքի Միջազգային Ակադեմիայի Նոր Կեդրոնին

Պաշտօնական Բացում` Ծովային Մարզական Մեքանիքի Միջազգային Ակադեմիայի Նոր Կեդրոնին

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին Ժունիէի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացում ծովային մարզական մեքանիքի միջազգային ակադեմիայի նոր կեդրոնին, ուր պիտի մարզուին միջազգային  մրցաշարքերու մարզիկներ եւ հսկող անձեր: Անոր ներկայ գտնուեցան ծովային մարզական մեքանիքի միջազգային ֆետերասիոնի իտալացի նախագահ Ռաֆայէլ Քիուլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ծովային մարզական մեքանիքի ֆետերասիոնի նախագահ, ծովակալ Էտմոն Շաղուրի, ակադեմիայի սեփականատէր Փիեռ Աքըլ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: Բացման հանդիսութեան...

«Եթէ Հաւաքականին Նկատմամբ Պետական Վերաբերմունքը Չփոխուի, Մենք Պիտի Չշարունակենք Մեր Աշխատանքը» Ըսաւ Հայաստանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Փոխնախագահը

Երէկ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արա Պօղոսեան, ներկայութեամբ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեանի, տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ ֆետերասիոնին եւ հաւաքականին ունեցած խնդիրներուն: «Հակառակ անոր որ մեր հաւաքականը Եւրօ-2012-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած վերջին մրցումին պարտութիւն մը կրեց, բայց իրաւունք ստացաւ պայքարը շարունակելու եւ մասնակցելու Բ. հանգրուանին: Ասիկա մեծ յաջողութիւն է ազգային հաւաքականին համար: Բայց ունինք հարցեր,...

Մխիթարեան Էմերիի Ղեկավարութեամբ Կը Մարզուի Արսենալի Հետ

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը երէկ սկսաւ իր փորձերուն` պատրաստուելու համար 2018-2019 տարեշրջանին: Անգլիական կազմը սպանացի գլխաւոր մարզիչ Ունայ Էմերիի գլխաւորութեամբ իր առաջին փորձերը կատարեց Արսենալի մարզադաշտին վրայ: Արսենալին միացաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր ամառնային արձակուրդը անցընելէ ետք Հայաստանի մէջ, վերադարձաւ եւ միացաւ իր խմբակիցներուն:

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Շարափովա Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրելով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Շարափովա Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրելով Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, 2004-ին Ուիմպըլտընի տիտղոսակիր հանդիսացած ռուս Մարիա Շարափովա (դասուած` 24-րդ), անակնկալ պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Վիթալիա Տիաչենքօ Հինգ կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած 31 տարեկան Շարափովա իր պարտութիւնը կրեց իր ազգակիցէն` 27 տարեկան Վիթալիա Տիաչենքոյէն, 6-7, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով: Մրցաշարքէն դուրս մնացողներուն կարգին եղան...

2018-ի Մոնտիալ. Ուրիպէ Եւ Պաքքա Մահուան Սպառնալիքներ Կը Ստանան

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Քոլոմպիա փենալթիներով (4-3) պարտութիւն մը կրելէ ետք Անգլիայէն, դուրս մնաց 2018-ի մոնտիալէն` չկարենալով ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Քոլոմպիոյ կազմէն Մաթէուս Ուրիպէ եւ Քարլոս Պաքքա ձախողեցան իրենց հարուածած փենալթիները կոլերու վերածել եւ չյաջողեցան գնդակը զետեղել Անգլիոյ բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտի բերդին մէջ: Անոնք երկուքն ալ մահուան սպառնալիքներ կը ստանան քոլոմպիացիներէն: Քոլոմպիացի զայրացած համակիրները երկու ֆութպոլիստներուն կոչ...

Page 821 of 1278 1 … 820 821 822 … 1,278

Արխիւներ