Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն.-Ապու Խաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթոփ» վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցաւ Մոթորսայքլինկի «390-Քափ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը` նուիրուած Ժան Ազարի յիշատակին:
Անիկա տեղի ունեցաւ գործակցաբար «Թոթալ»-ի եւ «Քոմըրշըլ-Ինշուրընս»-ի:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 մասնակցողներ, որոնք այս մրցումին մասնակցեցան մարզական բարձր ոգիով:
Անիկա տեղի ունեցաւ երկու բաժինով` սկսնակներ եւ փորձառուներ:
Մրցումին տիրապետեցին «Քէյ. Թի. Էմ.»-ի մասնակցողները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



