Նըժմէ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ նիւթականի որեւէ հարց գոյութիւն չունի իրենց մօտ եւ ակումբին մաս կազմող բոլոր մարզիկներն ալ ստացած են իրենց նիւթական հատուցումները:
Նշուեցաւ, որ Նըժմէն այն ակումբներէն է, որ իր մարզիկներուն բոլորին ալ աշխատավարձերը կու տայ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ակումբի ընդհանուր քարտուղար Սաատէտտին Իթանի յայտարարեց, որ ակումբը իր լուրջ պատրաստութիւնները կը տեսնէ ամէն գնով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նոր տարեշրջանին ընթացքին:


