Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 12 oգոստոսին, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին գծով ճակատի Սեւիլլայի դէմ:
Կարգ մը ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Լուիս Սուարեզ, Իվան Ռաքիթիչ, Քութինիօ եւ ուրիշներ, նախանցեալ օր միացան իրենց խմբակիցներուն եւ սկսան իրենց փորձերուն` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի Մոնտիալին մասնակցած ըլլալնուն շնորհիւ:
Անոնք միացան Լիոնել Մեսսիի, Ժերար Փիքէի, Սերճիօ Պուսքեթցին եւ ուրիշներուն, որոնք, անոնցմէ քանի մը օր առաջ սկսան իրենց փորձերուն` քաթալոնական կազմին հետ: