Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ կտրած է իր կէս ճամբան` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցող խումբերը արդէն իսկ ապահոված են քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Լիբանանի ներկայացուցիչը, ախոյեան Կեդրոնական դրամատան խումբը, որ իր կատարած վերջին մրցումին 11-2 արդիւնքով յաղթեց Տաճիկիստանի ներկայացուցիչ ՍԻՓԱՐ խումբին:
Քառորդ աւարտականին, Կեդրոնական դրամատան կազմը այսօր` երկուշաբթի 6 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Իրանի ախոյեան Մես Սանկան խումբին դէմ: