Հայաստանը ներկայացնող Վազգէն Թեւանեան երէկ հանդիսացաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան:
Արդարեւ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան 61 քկ դասակարգի աւարտականին, հայրենի ըմբիշը 5-2 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ինթիհամ Վալիզատային:
Թեւանեան աւարտական իր տոմսը ապահովեց արձանագրելով երկու տպաւորիչ յաղթանակներ` 7-1 եւ 12-0 արդիւնքով:



