Աւստրալիացի վարորդ Տանիել Ռիքիարտօ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ «Ֆորմիւլա-1-ի «Ռետ-Պուլ» խումբէն, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:
29 տարեկան վարորդը, որ 2014-էն ի վեր հանդէս կու գայ «Ռետ-Պուլ»-ի հետ, անոր հետ արձանագրած է 7 յաղթանակ:
«Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, ան դժգոհ է իր կազմէն եւ կ՛ուզէ հեռանալ, որովհետեւ Մաքս Վերսթափեն նկատի կ՛առնուի իբրեւ առաջին վարորդ:
Նշուեցաւ, որ ան շատ հաւանաբար իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ «Ռընօ»-ի հետ:



