Նախորդ տարեշրջանին ազդանշանը տրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 27-րդ ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 9 խումբեր:
Բանանց Երեւան իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շիրակ Գիւմրիի հետ, մինչ Արարատ-Արմենիա Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 2-0 արդիւնքով իր դաշտէն դուրս յաղթանակ մը արձանագրեց Լոռիի դէմ:
Տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց պուլկարացի յառաջապահ Իվայլօ Տմիթրով (67-րդ), մինչ երկրորդ կոլը նշանակեց Հրայր Մկոյեան (86-րդ` փենալթիով):
Յայտնենք, որ Արարատ-Արմենիա եւ Լոռի իրենց նորամուտը նշեցին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ:
Արարատ, որ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, անկէ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Միակ կոլը նշանակեց Գագիկ Դաղբաշեան (58-րդ):
Ա. հանգրուանին Արցախ մրցում չկատարեց:
Իսկ Փիւնիկ-Գանձասար Կապան մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Փիւնիկ մրցում մը ունի կատարելիք «Եւրոպայի Լիկա»-ի մրցաշարքին գծով: