Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Փումսէի ախոյեանութիւնը (ցուցադրական ելոյթ)` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին շարք մը ակումբներ:
Սեւ գօտիի աղջկանց 15-17 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, Ալեքսիա Աւագեան (Շանվիլ ակումբ), բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրացաւ ոսկի մետալին:
Նոյն դասակարգին մէջ, սակայն զոյգի մրցումներուն, ան տիրացաւ այլ ոսկի մետալի մըն ալ իր խմբակիցին` Ճիորճիօ Քարաքիի հետ: