Մանչեսթըր Սիթի իր պատմութեան մէջ 5-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Անգլիոյ գերբաժակակիր, երբ յաջողեցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել Չելսիի դէմ:
Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ կերտեց Սիթիի յաղթանակը` նշանակելով մրցումին 2 կոլերը (12-րդ եւ 58-րդ):
Այսպիսով, 30 տարեկան Ակուերօ հանդիսացաւ Մանչեսթըր Սիթիի մաս կազմող առաջին մարզիկը, որ իր նշանակած երկու կոլերով կ՛անցնի 200 կոլի սահմանը (ընդհանուրը` 201 կոլ): Ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 293 մրցում: