Լիբանանեան ֆութպոլին մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբը` Նըժմէ, պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 2018-2019 տարեշրջանին խումբին մարզիչը պիտի ըլլայ սերպ Պորիս Պոնիաք (1954-ի ծնունդ):
Ան եղած է մարզիչը Ծոցի շրջանի շարք մը խումբերու, որոնց կարգին` Քուէյթի ֆութպոլի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի կարգ մը ակումբներու:



