Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սեմի Մոնրօ Միացաւ ՀՄԸՄ-ի Տղոց Խումբին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող եւ 2017-2018 տարեշրջանին Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ իր կազմին միացուց երկրորդ օտարականը` Սեմի Մոնրոն: Անկէ առաջ խումբին միացած էր Նէյթ Ռոպինսընը:

Պասքեթպոլ. Ահմետ Իպրահիմ Եւ Նետիմ Սուէյտ Նկատի Կ՛առնուին Սուպոթիչի Կողմէ

  Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ, սլովենիացի Սլոպոտան Սուպոթիչ, որ կը կազմէ իր նոր խումբը, նկատի առած է Ահմետ Իպրահիմը եւ Նետիմ Սուէյտը: Պատրաստուելու համար աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, ան պիտի սկսի խումբին հետ իր փորձերուն` 15 օգոստոսէն սկսեալ: Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 13 սեպտեմբերին Լիբանան կը մրցի Չինաստանի դէմ, 17 սեպտեմբերին` Նոր Զելանտայի դէմ, ապա`...

Ըմբշամարտ. Աւետիք Վարդանեան Կրնայ Ողիմպիականի Խաղերու Իրաւարար Նշանակուիլ

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արայիկ Բաղդադեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան, որ նաեւ միջազգային իրաւարար է, շատ հաւանաբար Թոքիօ 2020-ի Ողիմպիական խաղերուն իրաւարար նշանակուի: Բաղդադեան ըսաւ, թէ Աւետիք Վարդանեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանէն դուրս եւ կը մասնակցի իրաւարարներու յատուկ ժողովի մը: Կը կարծուի, որ Վարդանեան մօտերս տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան իրաւարար պիտի նշանակուի: Նախորդ...

Հեծելարշաւ. Էտկար Ստեփանեանի Արդիւնքները` Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի թիւ 1 դասուած հեծելանւորդը` Էտկար Ստեփանեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի հեծելարշաւի ախոյեանութեան: Սքրեչի մրցումին ան գրաւեց 19-րդ դիրքը, 40 քմ.ի խմբային մրցումին` 8-րդ դիրքը, իսկ Օմնիի մրցումին` 20-րդ դիրքը: Ան պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Ստեփանեան, որ այս տարի տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, մաս կը կազմէ ամերիկեան «Վելօ Փասատենա Ռէյսինկ Թիմ» ակումբին:

Թենիս. Զվերեւ Գրաւեց Ֆետերերի Դիրքը` Նոր Դասաւորման Մէջ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին հրապարակած նոր դասաւորման մէջ, գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ գրաւեց երկրորդ դիրքը` շրջանցելով զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը, որ նահանջեց 30-րդ դիրք: Ան իր այս յաջողութիւնը արձանագրեց շնորհիւ Ուաշինկթընի մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալով. Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերու մէջ նշուած են մարզիկներուն գրաւած նախկին դիրքերը).   ԿԷՏ 1.- (1) Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա) 5760 2.  (3) Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա) 4085 3.- (2) Ռոժէ Ֆետերեր...

Ռէալ Մատրիտ. Քուրթուայի Փոխանցման Մէջ Կ՛ուզէ Ներառել Քովասիչը

Սքայ Սփորթցի համաձայն, Ռէալ Մատրիտ լոնտոնեան Չելսիին առաջարկած է պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուայի փոխանցման թղթածրարին մէջ ներառէ նաեւ իր խրուաթ միջնապահը` Մաթէօ Քովասիչը: Քուրթուա, որ քանի մը օրէ ի վեր պոյքոթի ենթարկած է Չելսիի փորձերը, իր ակումբին կողմէ 200 հազար փաունտ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Ան չ՛ուզեր մաս կազմել Չելսիին եւ կը փափաքի փոխադրուիլ այլ կազմ մը: Նոյնն է պարագան նաեւ Քովասիչին,...

Ճօ Հարթ Հեռացաւ Մանչեսթըր Սիթիէն

Անգլիացի բերդապահ Ճօ Հարթ, լքելով իր ակումբը` Մանչեսթըր Սիթին, միացաւ Պառնլիի, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան Հարթի փոխանցումը արժեց 5,5 միլիոն եւրօ: Ան նախորդ երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուած էր Թորինոյին եւ Ուեսթ Համին: Հարթ իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 20 մարզաշապիկը: «Փրեմիեր -Լիկ»-ի Ա. հանգրուանին, Պառնլի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Սաութհեմփթընի...

Ուսմանով Պիտի Վաճառէ Արսենալի Իր Բաժնետոմսերը

Ռուս գործարար Ալիշեր Ուսմանով յայտարարեց, թէ Արսենալի իր ունեցած բաժնետոմսերը պիտի վաճառէ ակումբին գլխաւոր բաժնետիրոջ` Սթեն Քրոնքէի: Անոր ունեցած բաժնետոմսերուն 30 առ հարիւրին ընդհանուր գումարը կը կազմէ 615 միլիոն եւրօ:

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` 84-57

Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին կատարած իր երրորդ եւ վերջին մրցումին, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական երկու պարտութիւններէ ետք: Մայրիներու կազմը յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ` 84-57 արդիւնքով (21-12, 37-37, 57-48 եւ 84-57): Լիբանանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալեքսանտր Ֆրետերիք (21): Լիբանան այսօր`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սուպոթիչ Փոխարինեց Փաթրիք Սապան` Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Լիբանանի տղոց ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սլոպոտան Սուպոթիչ, որ փոխարինեց Փաթրիք Սապան: Ցարդ յստակ յայտարարութիւն մը չկատարուեցաւ տեղի ունեցած այս փոփոխութեան մասին: Սապա Լիբանանի հետ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով անոր համար ապահովեց Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի տոմսը, ուր իրեն առաջին մրցակից պիտի ունենայ Չինաստանը:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Վաւերացուեցան Ֆետերասիոնի Բաժակի Մրցաշարքի Եւ Պիչ-Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն Արդիւնքները

Իր գումարած երէկուան ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները: Ախա Ահլի Ալէյ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անսարի հետ, մինչ Սաֆա եւ Սալամ Զղարթա իրարմէ բաժնուեցան ճերմակ հաւասարութեամբ: Ստորեւ` կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը. ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ ԺԱՄ Ախա Ահլի Ալէյ-Սալամ Զղարթա 17:00 Ահտ-Նըժմէ Զղարթա 17:00 (Դաշտերը, ուր տեղի պիտի ունենան...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս` 2018-ի Մարաթոնին Գծով

Այսօր` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը կ՛անդրադառնայ 2018-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին, որ տեղի կ՛ունենայ 11 նոյեմբերին: Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ:

Մինի Ֆութպոլ. 2-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Նշանակուեցաւ… 99 Կոլ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի տարբեր նահանգներուն մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի մինի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով 12 մրցումներ` 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այդ 12 մրցումներուն ընթացքին նշանակուեցաւ... 99 կոլ, մինչ առաջին հանգրուանին նշանակուած էր 56 կոլ: Կոլերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրեց Նաժըմ Պեքաա խումբը` Լիուա Ռաֆիտի դէմ (13-1): Մաժըտ Ղազիէ յաղթեց Շաքրա Ուատուպիէի (4-0), Սփայտըրզ Պարժա` Անդրանիկի (9-3), Մաժըտ Մէյս Ժապալ` «Քիւ. Էս....

Թեքուանտօ. Ալի Ռաատ Ընտրուեցաւ Իբրեւ Եւրոպայի Լաւագոյն Իրաւարարը

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ լիբանանցի միջազգային իրաւարար, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի փոխնախագահ մասթըր Ալի Ռաատ ընտրուեցաւ իբրեւ եւրոպական թեքուանտոյի առաջին խաղերու, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած անդամալոյծներու թեքուանտոյի 7-րդ ախոյեանութեան լաւագոյն իրաւարարը: Լիբանանի եւ արաբական ֆետերասիոններուն կողմէ շնորհաւորանքի յատուկ խօսքեր ուղղուեցան Ալի Ռաատին, որ եկաւ այլ կարեւոր էջ մը բանալու Տանիել Խորասանճեանէն ետք, որ վերջերս...

Փինկ Փոնկ. Ուաէլ Նուրէտտին Կը Մասնակցի Արաբական Ֆետերասիոնի Ժողովներուն

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբական փինկ փոնկի ֆետրասիոնի ժողովներուն` իբրեւ անդամ վերոնշեալ ֆետերասիոնին, Արաբական փինկ փոնկի ֆետերասիոնի 26-րդ համագումարին ընթացքին, ֆետերասիոնը քննարկեց տարբեր երկիրներու մէջ ցարդ կատարուելիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերու յայտագիրներուն մանրամասնութիւնները: Այդ ժողովներուն զուգահեռ, Նուրէտտին յատուկ հանդիպումներու ընթացքին ընդգծեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը արաբական եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոններուն միջեւ:

«Եւրոպայի Լիկա».  Փիւնիկ-Մաքապի Թել Աւիւ` 0-0

«Եւրոպայի Լիկա». Փիւնիկ-Մաքապի Թել Աւիւ` 0-0

«Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ, որ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց իսրայէլեան Մաքապի Թել Աւիւը չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել` անկէ բաժնուելով 0-0 արդիւնքով: Հիւր կազմը Ա. կիսախաղին ինք եղաւ աւելի տիրապետողը, մինչ Բ. կիսախաղին հայկական կազմը թէեւ տիրապետեց, սակայն չյաջողեցաւ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք:

Արազ Օզպիլիս Կը Վերադառնայ Հոլանտայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ դարձեալ մեկնելով եւ ելոյթ ունենալով Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ: Անոր փոխանցման իրաւունքը կը պատկանի թրքական Պեշիքթաշին, բայց ան փոխ պիտի տրուի հոլանտական Ուիլեմ - Բ. խումբին: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 28 տարեկան ֆութպոլիստը Հոլանտա պիտի մնայ մինչեւ 2018-2019 տարեշրջանին աւարտը: Ան անցեալին Հոլանտայի մէջ ելոյթ ունեցած...

Միջազգային Ֆութպոլ. Մարաշլեան Եւ Բաբայեան` Կոլի Հեղինակներ

Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հոպրոն 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, Հորսենսի հետ, վերջինիս դաշտի վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Հիւր խումբին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան 49-րդ վայրկեանին, նշանակեց հաւասարութեան կոլը (1-1)` փենալթիով: 22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 70-րդ վայրկեանին երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց: Իսկ «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսի...

Քուրթուա Չի Մասնակցիր Չելսիի Փորձերուն

Չելսիի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա սկսաւ պոյքոթի ենթարկել իր ակումբին կատարած փորձերը, որպէսզի ստիպէ իր ակումբին պատասխանատուները զէնք ծախելու մարզիկներու ամառնային այլ եղանակի փոխանցման միջոցին, որուն աւարտին մնացած է հազիւ քանի մը օր: Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ի ամրան, որմէ ետք ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին: Քուրթուայով ամէնէն աւելի հետաքրքրուած ակումբն է...

Ըստ Իտալական Մամուլին. Մոտրիչ Մտադիր Է Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Իտալական «Կազեթթա Տելլօ Սփոր» պարբերաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ մտադիր է հեռանալ իր ակումբէն: Սկզբունքով ան նախանցեալ օր պէտք էր հասնէր Մատրիտ եւ սկսէր իր փորձերուն: Մոտրիչով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլան, որ պատրաստ է ֆութպոլիստին առաջարկելու 4 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Նշենք, որ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին Ռէալ Մատրիտի...

Page 806 of 1278 1 … 805 806 807 … 1,278

Արխիւներ