Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան հռչակուեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան:
Արդարեւ, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան 57 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին հայ ըմբիշը մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Ճելեպի դէմ եւ յաղթեց 11-6 արդիւնքով:
Ան կիսաւարտականին 10-0 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի Ռայմոնտ Ֆարկասի:
Հայրենի կազմը այդ մետալէն ետք ապահովեց նաեւ երկու այլ մետալներ:
Պրոնզէ մետալի համար իրենց մղած պայքարին յաղթանակներ արձանագրեցին Գեղամ Գալստեան (65 քկ) եւ Արման Անտրէասեան (70 քկ):



