Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ` Չինաստանէն, 100-52 արդիւնքով (23-9, 54-20, 82-29 եւ 100-52):
Ինչպէս նկատելի դարձաւ մրցումը եղաւ միակողմանի, անոր տիրապետեցին չինացիները:
Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, Լիբանանի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այսօր` երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, ժամը 11:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը կատարէ իր վերջին մրցումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ:



