Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս գերմանացի մարզական լրագրողներու միութեան քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս քուէարկութիւնը կը կատարուի ամէն տարի` «Քիքըր» պարբերաթերթին կողմէ:
28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ տարեշրջաններուն Ռէալ Մատրիտի հետ յաջորդաբար երեք անգամ տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, առաջին անգամն է, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան յաջողեցաւ ապահովել 185 ձայն:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆրայպուրկի յառաջապահ Նիլս Փեթերսըն (39 ձայն), մինչ երրորդ դիրքը` Շալքէի յետսապահ Նալտօ (38 ձայն):
Իսկ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին տիրացաւ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եուփ Հայնքես:
73 տարեկան մասնագէտը երկրորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին. առաջինը` 2013-ին: