«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Փիւնիկ-Մաքապի Թել Աւիւ ճակատումը` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական դաշտին վրայ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայկական ակումբը յայտարարեց, որ աջակցելու համար խումբին եւ ըլլալու համար անոր 12-րդ մարզիկը, բոլորէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 օգոստոսին, Իսրայէլի մէջ:
Այսօրուան այս մրցումին համար «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ իրաւարարները նշանակուած են Հոլանտայէն:
Իսկ այս մրցումը, ուղղակիօրէն պիտի սփռուի «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանէն:
Նշենք, որ դաշտին մուտքը անվճար է: