Մասնակցութեամբ 16 երկիրներու ազգային խումբերուն, նախորդ շաբաթավերջին Թայլանտի մէջ սկսաւ Ասիոյ 18 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը Ֆիլիփեան կղզիներէն կրեց 75-53 արդիւնքով քիչ մը ծանր պարտութիւն մը (25-15, 41-33, 59-41 եւ 75-53):
Լիբանան այսօր ժամը 11:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) այլ դժուար մրցում մը ունի կատարելիք Չինաստանի մէջ:



