Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արայիկ Բաղդադեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան, որ նաեւ միջազգային իրաւարար է, շատ հաւանաբար Թոքիօ 2020-ի Ողիմպիական խաղերուն իրաւարար նշանակուի:
Բաղդադեան ըսաւ, թէ Աւետիք Վարդանեան ներկայիս կը գտնուի Հայաստանէն դուրս եւ կը մասնակցի իրաւարարներու յատուկ ժողովի մը:
Կը կարծուի, որ Վարդանեան մօտերս տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան իրաւարար պիտի նշանակուի:
Նախորդ գարնան ան Տաղստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի մարտի ախոյեանութեան իրաւարարներուն կարգին էր, եւ իր արդար սուլիչին շնորհիւ արժանացած էր մեծ գովասանքի:



