Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ լիբանանցի միջազգային իրաւարար, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի իրաւարարներու յանձնախումբի փոխնախագահ մասթըր Ալի Ռաատ ընտրուեցաւ իբրեւ եւրոպական թեքուանտոյի առաջին խաղերու, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած անդամալոյծներու թեքուանտոյի 7-րդ ախոյեանութեան լաւագոյն իրաւարարը:
Լիբանանի եւ արաբական ֆետերասիոններուն կողմէ շնորհաւորանքի յատուկ խօսքեր ուղղուեցան Ալի Ռաատին, որ եկաւ այլ կարեւոր էջ մը բանալու Տանիել Խորասանճեանէն ետք, որ վերջերս հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած բաց ախոյեանութեան ընտրուած էր իբրեւ աշխարհի լաւագոյն իրաւարարը: