Այսօր` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը կ՛անդրադառնայ 2018-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին, որ տեղի կ՛ունենայ 11 նոյեմբերին:
Այս մամլոյ ասուլիսը տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ: