«Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փիւնիկ, որ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց իսրայէլեան Մաքապի Թել Աւիւը չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել` անկէ բաժնուելով 0-0 արդիւնքով:
Հիւր կազմը Ա. կիսախաղին ինք եղաւ աւելի տիրապետողը, մինչ Բ. կիսախաղին հայկական կազմը թէեւ տիրապետեց, սակայն չյաջողեցաւ ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք: