Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Լիբանանի տղոց ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սլոպոտան Սուպոթիչ, որ փոխարինեց Փաթրիք Սապան:
Ցարդ յստակ յայտարարութիւն մը չկատարուեցաւ տեղի ունեցած այս փոփոխութեան մասին:
Սապա Լիբանանի հետ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով անոր համար ապահովեց Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի տոմսը, ուր իրեն առաջին մրցակից պիտի ունենայ Չինաստանը:



