Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ դարձեալ մեկնելով եւ ելոյթ ունենալով Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Անոր փոխանցման իրաւունքը կը պատկանի թրքական Պեշիքթաշին, բայց ան փոխ պիտի տրուի հոլանտական Ուիլեմ – Բ. խումբին:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 28 տարեկան ֆութպոլիստը Հոլանտա պիտի մնայ մինչեւ 2018-2019 տարեշրջանին աւարտը:
Ան անցեալին Հոլանտայի մէջ ելոյթ ունեցած է Այաքս Ամսթերտամի հետ:



