Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». 2018-2019 Տարեշրջանը Սկսաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Յաղթանակով

Մանչեսթըր Եունայթըտ-լայսթըր Սիթի բացման մրցումով երէկ գիշեր սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 2018-2019 տարեշրջանը: Անիկա աւարտեցաւ Մանչեսթըրի յաղթանակով (2-1): Մրցումին 3-րդ վայրկեանին Փոլ Փոկպա նշանակեց Եունայթըտի եւ այս տարեշրջանի առաջին կոլը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով) ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Նիւքասըլ - Թոթենհամ 14:30 Պուրնըմաութ - Քարտիֆ 17:00 Ֆուլհեմ - Քրիսթալ Փալաս 17:00 Հատըրսֆիլտ - Չելսի 17:00 Ուաթֆորտ -...

«Փրեմիեր Լիկ». Թոթենհամ Իր Կազմը Պահելով Անփոփոխ

Հինգշաբթի, 9 օգոստոսին Անգլիոյ մէջ փակուեցաւ մարզիկներու փոխանցման սակարանը: Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը իր համակիրներուն մեծ անակնկալ չմատուցեց եւ 2018-2019 տարեշրջանին համար պահեց նախորդ կազմը ինչպէս որ է: Այսպիսով անիկա դարձաւ անգլիական առաջին ակումբը, որ 15 տարուան մէջ ոչ մէկ մարզիկի փոփոխութիւն կատարեց: Նշենք, որ այժմ մարզիկներու փոխանցումներ չկան այլեւս Անգլիոյ մէջ, սակայն թոյլատրելի է, որ ակումբ մը ծախէ իր...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն-«Պլոմ» Դրամատուն 2018-ի Վազքի Մրցումը Կիրակի, 11 Նոյեմբերին

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն-«Պլոմ» Դրամատուն 2018-ի Վազքի Մրցումը Կիրակի, 11 Նոյեմբերին

Չորեքշաբթի, 8 օգոստոս 2018-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ), տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, Պէյրութի միջազգային մարաթոն «Պլոմ» դրամատուն 2018-ի, միջազգային վազքի մրցումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 11 նոյեմբեր 2018-ին: 16-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցող այս մարաթոնին այս տարուան կարգախօսն է «Մեզմով կը մեծնայ Պէյրութի սիրտը»: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Սիմոն Ապի...

Ֆութպոլ. Սալամ Զղարթա Այսօր Կը Հիւրընկալէ Մարոքեան Ռաժաա Պայտաուին

Զղարթայի մէջ գտնուող Մըրտեշիէի իր դաշտին վրայ, այսօր` ուրբաթ, 10 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Սալամ Զղարթա կը հիւրընկալէ մարոքեան Ռաժաա Պայտաուին, Արաբական ակումբներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Սալամ Զղարթա ուղղակիօրէն ապահովեց այս հանգրուանի իր տոմսը` Լիբանանի փոխախոյեան հանդիսանալուն շնորհիւ (նախորդ տարի), մինչ անոր մրցակիցը այս հանգրուանին հասաւ յաղթելէ  ետք Ասիքի (Ապիճան)` երթուդարձի իր կատարած երկու մրցումներէն ետք:...

Սուսերամարտ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Յորդանանէն

Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական սուսերամարտի 11, 13 եւ 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Պէյրութ: Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ, լիբանանցի մարզիկները արժանացան ջերմ ընդունելութեան: Անոնք ընդամէնը շահեցան 17 մետալ. 6 ոսկի, 2 արծաթ եւ 9 պրոնզ: Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան Յորդանան, Լիբանան, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պաղեստին:

Պասքեթպոլ. 24 Քաղաքապետութիւններու Խումբեր Կը Մասնակցին Գիւղերու Բաժակի Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական բացման հանդիսութեամբ մը սկսաւ 2018-ի գիւղերու պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 24 քաղաքապետութիւններու տղոց խումբերուն: Այդ մասնակցող խումբերն են` Ապտելլի, Հատաս, Քաա, Քոպէյյաթ, Անտաքեթ, Պալլունէ, Պարժա, Պիսքանթա, Պիքֆայա, Պոլոնիա, Պըքնայա, Պսալիմ, Տարհուն, Տէյր Քամար, Տըհուր Շուէյր, Համաթ, Հըմլայա, Քըրնեթ Շահուան, Մաղտուշէ, Մըրուժ, Ռայաք, Շըհիմ, Եաշուհ եւ Զալքա: Մրցումները տեղի...

2144 Վազողներ Մասնակցեցան «Մայ Սքուլ-Փուլս» Վազքի Մրցումին

Կազմակերպութեամբ «Մայ Սքուլ Փուլս» միութեան, ֆաքրայի շրջանին մէջ յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը տարբեր դասակարգերու մէջ` մասնակցութեամբ 2144 երկսեռ վազողներու: Անիկա տեղի ունեցաւ գործակցութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան: Անոր հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բարեսիրական միութիւններու եւ տարբեր հիւանդութիւններով տառապող անձերու: Վազքի մրցումին աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան մետալներ ստացան 54 մրցանակակիրներ` տարբեր դասակարգերուն մէջ: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին նախկին նախարար...

18-19 Օգոստոսին Սկիզբ Կ՛առնէ Ջրային Տարբեր Տեսակի Մրցումներու Մրցաշարքը

18-19 օգոստոսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ տեղի կ՛ունենայ ջրային տարբեր տեսակի մրցումներու տարեկան 7-րդ հանգրուանի մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէ նաւային տարբեր դասակարգերու մրցումներ: Անոր մասնակցող ակումբներուն կարգին պիտի ըլլան Աքուա-Մարինա, Ամիր Համզա, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» եւ ուրիշներ: Ասոր պիտի յաջորդէ 2-րդ հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաթրունի շրջանին մէջ, 26 օգոստոսին: 1-2 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ լուսանկարչական մրցաշարք` ջուրին...

Ասիական 18-րդ Խաղեր. Հրապարակուեցաւ Ճաքարթա Մեկնող Լիբանանեան Պատուիրակութեան Կազմը

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Ճաքարթա (Ինտոնեզիա) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 18 օգոստոսէն 2 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 18-րդ խաղերուն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, թեքնիք պատասխանատուն է Ժիհատ Հաշեմ, իսկ խումբին բժիշկն է Անթոնի Սալամէ: Անոր մէջ են 15 մարզիչներ եւ 27 մարզիկներ: Այս խաղերուն Լիբանան կը մասնակցի հետեւեալ մարզաձեւերուն` աթլեթիզմ, ժիւտօ,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռոնի Ազար Միացաւ Ռասինկին

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ռասինկ, որ կը պատրաստուի 2018-2019 տարեշրջանին, իր կազմին միացուց Ռոնի Ազարը, որ փոխանցուեցաւ Թրիփոլիէն: Շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր Ռասինկ սկսած է իր փորձերուն:

«Եւրոպայի Լիկա». Ալաշկերտ 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Քլիւժէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ «Եւրոպայի Լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալեց Քլիւժը (Ռումանիա), 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին հիւր կազմը իր կոլերը նշանակեց շնորհիւ Ճիորճի Ցուկութիայի իրագործած տուպլէին (5-րդ եւ 49-րդ` փենալթիով): Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի ունենայ 16 օգոստոսին, Ռումանիոյ մէջ:

Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Պիելոռուսիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Պիելոռուսիա, ուր պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում (10 եւ 12 օգոստոսին)` Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:

Քուրթուա 6 Տարուան Պայմանագրութիւն Ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Երէկ, Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա պաշտօնապէս միացաւ Ռէալ Մատրիտին: 26 տարեկան Քուրթուա յաջող բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 2024 մնալ արքայական ակումբին հետ: Ռէալ Մատրիտ Քուրթուայի ակումբին` Չելսիին պիտի վճարէ 40 միլիոն Եւրօ: Այս առիթով Քուրթուա յայտարարեց, թէ աշխարհի լաւագոյն ակումբ տեղափոխուիլը մեծ հպարտութիւն է եւ երազի մը իրականացումը`...

Ռէալ Մատրիտ. Ռոնալտոյի Համար Հրաժեշտի Մրցում Մը Պիտի Կազմակերպէ

«Մարքա» կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ մտադիր է հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպել իր նախկին յառաջապահին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին համար, որ ակումբին մաս կազմած է 9 տարի: Նշուեցաւ, որ այս մրցումը շատ հաւանաբար տեղի ունենայ 2019-ին: Կը կարծուի, որ փորթուգալցիին համար կազմակերպուելիք այս մրցումին Ռէալի մրցակիցը ըլլայ Ռոնալտոյի այժմու ակումբը` Եուվենթուս:

«Քալչիօ»-ի Տարբերանշանը Փոխուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 2018-2019 տարեշրջանին նախօրեակին, անոր տարբերանշանը փոխուեցաւ: «Քալչիօ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ նախկին տարբերանշանին վրայ գտնուող խաղադաշտը փոխարինուեցաւ "A'' տառով:  

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Ֆընէյշի

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ յետմիջօրէին նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի: Հալապիի կ՛ընկերակցէին նաեւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, անդամներ Ճորճ Սապունճեան եւ Ղազի Պուսթանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի 15 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը, որ նախորդ շաբաթ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Պարտուեցաւ Ճափոնէն (85-67) Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին, Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը հրաժեշտ տուաւ Ասիոյ 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցաշարքին, երբ 85-67 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն (11-22, 40-37, 66-50 եւ 85-67): Մայրիներու կազմը յաջողեցաւ միայն առաջին քորթըրին լաւ արդիւնք արձանագրել, մինչ մնացեալ երեքին` ոչ: Լիբանանէն 21 կէտ նշանակեց Ալեքսանտր Ֆրետերիք: Այսպիսով, Ճափոն ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Թայլանտի մէջ տեղի...

Ֆութսալ. Կեդրոնական Դրամատան Խումբը Ապահովեց Ասիոյ Ախոյեանութեան Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեան կեդրոնական դրամատան խումբը, որ Ինտոնեզիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան, երէկ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով տիտղոսակիր Չունպուրի Պլու Ուէյվը (Թայլանտ): Լիբանանեան կազմը փենալթիներով արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 7-7 հաւասարութեամբ: Յայտնենք, որ կեդրոնական դրամատան խումբը առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կիսաւարտականին:

Անսար Ակումբի Ընտրութիւններ. Բոլոր Թեկնածուներն Ալ Յետս Կոչեցին Իրենց Առաջադրած Թեկնածութիւնը

Անսար ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց որ ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին, բոլոր թեկնածուներն ալ յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը (թիւով` 10): Ինչպէս ծանօթ է, ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըր նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը: Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար Նեպիլ Պատըր վերադառնայ եւ վերստանձնէ նախագահի իր պաշտօնը:

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սուրիացի Ահմետ Տիպ Միացաւ Նըժմէին

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն եւ Լիբանանի մէջ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւնը վայելող խումբը` Նըժմէ իր կազմին միացուց սուրիացի Ահմետ Տիպը (1987-ի ծնունդ): Տիպ իր համաձայնագիրը կնքեց ներկայութեամբ Նըժմէի նախագահ Ասաատ Սաքքալի, ընդհանուր քարտուղար Սաատէտտին Իթանիի եւ մարզիչ Պորիս Պոնիաքի: Ահմետ Տիպ նախապէս մաս կազմած է Ֆաթհի (Սէուտական Արաբիա), Ուահտաթի, Քաֆար Սումի (Յորդանան), Արապիի եւ Սալամիէի (Քուէյթ):  

Page 805 of 1278 1 … 804 805 806 … 1,278

Արխիւներ