Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին կատարած իր երրորդ եւ վերջին մրցումին, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական երկու պարտութիւններէ ետք:
Մայրիներու կազմը յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ` 84-57 արդիւնքով (21-12, 37-37, 57-48 եւ 84-57):
Լիբանանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալեքսանտր Ֆրետերիք (21):
Լիբանան այսօր` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին առաւօտեան ժամ 6:30-ին, կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ճափոնի դէմ:
Անիկա պիտի ըլլայ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ յաղթական խումբը կ՛ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը, մինչ պարտուողը դուրս կը մնայ մրցաշարքէն:



