Չելսիի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա սկսաւ պոյքոթի ենթարկել իր ակումբին կատարած փորձերը, որպէսզի ստիպէ իր ակումբին պատասխանատուները զէնք ծախելու մարզիկներու ամառնային այլ եղանակի փոխանցման միջոցին, որուն աւարտին մնացած է հազիւ քանի մը օր:
Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ի ամրան, որմէ ետք ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին:
Քուրթուայով ամէնէն աւելի հետաքրքրուած ակումբն է Ռէալ Մատրիտը: