Իր գումարած երէկուան ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները:
Ախա Ահլի Ալէյ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անսարի հետ, մինչ Սաֆա եւ Սալամ Զղարթա իրարմէ բաժնուեցան ճերմակ հաւասարութեամբ:
Ստորեւ` կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը.
| ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ | ԺԱՄ |
| Ախա Ահլի Ալէյ-Սալամ Զղարթա | 17:00 |
| Ահտ-Նըժմէ Զղարթա | 17:00 |
(Դաշտերը, ուր տեղի պիտի ունենան մրցումները, պիտի ճշդուին աւելի ուշ):
Ֆետերասիոնը վաւերացուց նաեւ պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքները:
Թապաք-Թանպաք խումբը հռչակուեցաւ Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հըրրիէ Սայտային:
Իսկ երրորդ դիրքի մրցումին, լիբանանեան բանակի խումբը 5-0 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ժընահին:


