Հայաստանի թիւ 1 դասուած հեծելանւորդը` Էտկար Ստեփանեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի հեծելարշաւի ախոյեանութեան:
Սքրեչի մրցումին ան գրաւեց 19-րդ դիրքը, 40 քմ.ի խմբային մրցումին` 8-րդ դիրքը, իսկ Օմնիի մրցումին` 20-րդ դիրքը:
Ան պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Ստեփանեան, որ այս տարի տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, մաս կը կազմէ ամերիկեան «Վելօ Փասատենա Ռէյսինկ Թիմ» ակումբին:



