Դանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հոպրոն 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, Հորսենսի հետ, վերջինիս դաշտի վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Հիւր խումբին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էտկար Բաբայեան 49-րդ վայրկեանին, նշանակեց հաւասարութեան կոլը (1-1)` փենալթիով:
22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 70-րդ վայրկեանին երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց:
Իսկ «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսի կազմը, որ հիւրը եղաւ Նիւ Եորք Ռետ Պուլզին, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Լոս անճելըսեան կազմին կոլը նշանակեց ուրկուէյահայ յառաջապահ Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան` 53-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, 20 տարեկան Մարաշլեան իր կազմին հետ նշանակեց այս տարեշրջանի իր 7-րդ կոլը: