Իտալական «Կազեթթա Տելլօ Սփոր» պարբերաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ մտադիր է հեռանալ իր ակումբէն:
Սկզբունքով ան նախանցեալ օր պէտք էր հասնէր Մատրիտ եւ սկսէր իր փորձերուն:
Մոտրիչով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Ինթեր Միլան, որ պատրաստ է ֆութպոլիստին առաջարկելու 4 տարուան պայմանագրութիւն մը` տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Նշենք, որ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին Ռէալ Մատրիտի մարզիչ` Խիւլեն Լոփեթեկի, յայտարարեց ըսելով, որ ան խումբէն պիտի չհեռանայ:
Իսկ Ինթերի յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը կ՛երազէ, իր կազմին մէջ տեսնել Մոտրիչին: