Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ, սլովենիացի Սլոպոտան Սուպոթիչ, որ կը կազմէ իր նոր խումբը, նկատի առած է Ահմետ Իպրահիմը եւ Նետիմ Սուէյտը:
Պատրաստուելու համար աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, ան պիտի սկսի խումբին հետ իր փորձերուն` 15 օգոստոսէն սկսեալ:
Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 13 սեպտեմբերին Լիբանան կը մրցի Չինաստանի դէմ, 17 սեպտեմբերին` Նոր Զելանտայի դէմ, ապա` Հարաւային Քորէայի դէմ (աւելի ուշ):