Շաբաթ, 11 օգոստոսին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին (Զուք) մամլոյ ասուլիսներու սրահին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ իր տեսակին մէջ եզակի մամլոյ ասուլիսը, որուն գլխաւոր նպատակն է ներկայացնել Լիբանանի պասքեթպոլի տարիքային ազգային խումբերը զօրացնելու միջոցները:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ, ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի, տարիքային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտ, յանձնախումբի անդամներ Մարք Քըզահ, Ատիպ Շուէյրի, Տանի Աուն, Թարեք Ապպուտ, ակումբներու ներկայացուցիչներ եւ պատասխանատուներ, մարզիչներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ Աքրամ Հալապի ըսաւ.
«Կատարուածը ապագային իր մեծ ներդրումը պիտի ունենայ լիբանանեան պասքեթպոլի զարգացման մէջ», եւ տարիքային խումբերուն ընդմէջէն պիտի բացայայտուին պասքեթպոլի աստղեր:
«Ֆետերասիոնը ստանձնեցինք իբրեւ քարուքանդ եղած կառոյց մը, բայց եւ այնպէս, պիտի աշխատինք ատիկա վերստին կառուցել բոլորին հետ միասնաբար:
«Քանի մը տարի ետք պիտի ստանանք մեր կատարած աշխատանքներուն եւ թափած ճիգերուն արդիւնքը:
«Կը շեշտեմ, որ դժբախտաբար մեր աշխատանքը կը սկսինք զերօ կէտէն»:
Ապա բոլոր խօսք առնողներն ալ ներկայացուցին իրենց կատարելիք աշխատանքներուն նախագիծերը:
Լուսանկարները՝ PROFOTO




