Տղոց թենիսի աշխարհի դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ յայտարարեց, թէ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ թենիսի Սինսինաթիի «Ուորլտ-Թուր-1000»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին:
Ան յայտնեց, որ քիչ մըն ալ պէտք է մտածէ իր առողջութեան եւ ֆիզիքականին մասին:
Յայտնենք, որ երէկ ան տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 80-րդ տիտղոսին, երբ Թորոնթոյի «Մասթըրզ-1000» մրցաշարքի աւարտականին 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Սթեֆանոս Ցիթցիփասին (Յունաստան):