Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Մոլտովա, այսօր` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին կը մրցի դաշտին տիրոջ իր հասակակիցներուն դէմ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Քիշնեւի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմը պիտի կատարէ իր առաջին բարեկամական մրցումը` Արմէն Գիւլբուդաղեանցի գլխաւորութեամբ: