Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի մարմնամարզութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստան տիրացաւ մէկ մետալի:
Նժոյգի մրցումներուն, Հայաստանի համար պրոնզ մետալ մը ապահովեց Գագիկ Խաչիկեան:
Ան աւարտական հանգրուան հասաւ արձանագրելով 13.333 կէտ, մինչ պրոնզ մետալի տիրացաւ արձանագրելով 13.600 կէտ:
Ոսկի մետալին տիրացած իտալացի Էտուարտօ Տէ Ռոսա ապահովեց 14.066 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց անգլիացի Ճէյմի Լուիս (13.733):