Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով, շարք մը ակումբներ կը զօրացնեն իրենց կազմերը` նոր մարզիկներ միացնելով իրենց:
Լիբանանի ախոյեան Ահտ նախորդ շաբաթավերջին ձեռք ձգեց Թատամոն Սուրի բերդապահ Հատի Խալիլի ստորագրութիւնը:
Սակայն Ահտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մէկ տարեշրջանի համար ան փոխ պիտի տրուի Ռասինկին, այսինքն ան 2018-2019 տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ռասինկի հետ:
Նշենք, որ Հատի Խալիլ Ահտի այժմու բերդապահին` Մեհտի Խալիլի եղբայրն է:
Այս փոխանցումէն ետք Ահտ ձեռք ձգեց նաեւ Նըժմէին մաս կազմող Մուսթաֆա Քասսապի ստորագրութիւնը, որ նախորդ տարեշրջանին Նըժմէէն փոխ տրուած էր Շապապ Արապիին:
Իսկ 2017-2018 տարեշրջանի աւարտին, Ա. դասակարգ բարձրացած Շապապ Սահել իր կազմին միացուց Անսարի յառաջապահ Մահմուտ Քըյըքը, որ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: