Եուվենթուսի յառաջապահ Մարիօ Մանծուքիչ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը հեռանայ միջազգային ասպարէզէն եւ կը լքէ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:
32 տարեկան Մանծուքիչ, որ 2007-ին իր նորամուտը նշեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, անոր հետ կատարեց միջազգային 89 մրցում` նշանակելով 33 կոլ:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ իր երկրին երկրորդ լաւագոյն կոլսքորըրը` Տաւոր Սիւքերէն ետք (45 կոլ):