Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ 21-31 օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականի կազմը յստակացաւ:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Սէյրան Եղիկեան (49 քկ), Արթուր Բավէեան (52 քկ), Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ), Բենիկ Նիկողոսեան (64 քկ) եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (75 քկ):
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Կարէն Աղամալեան, իսկ մարզիչը` Վլատիմիր Մարգարեան:
Աղամալեան նշեց, որ Հայաստան 5 մարզիկով պիտի մասնակցի` նկատի ունենալով, որ այս ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած միւս երկու մարզիկները վնասուածք ստացած են:
Նշենք, որ Հայաստանի կռփամարտի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով եօթը մարզիկներ իրաւունք ստացած էին մասնակցելու այս ախոյեանութեան: