Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 12 օգոստոսին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի հաշմանդամներու հեծելարշաւի առաջին ախոյեանութիւնը («Էյչ-4» եւ «Էյչ-3»)` մասնակցութեամբ 12 հաշմանդամներու, որոնք մասնակցեցան 30 քմ մրցումին:
Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, բոլոր մասնակցողներն ալ հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնէն կէտեր պիտի ստանան միջազգային դասաւորման մէջ:
Ասկէ բացի, ֆետերասիոնը կազմակերպեց 1992-ի ողիմպիականի մարզիկ Արմէն Արսլանեանի յիշատակին նուիրուած կրտսերներու (13-16 տարեկան) մրցումը (25 քմ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամներուն, անոր գլխաւոր հովանաւորող «Սքոթ» ընկերութեան ներկայացուցիչին, Արմէն Արսլանեանի քրոջ` Սանտրա Արսլանեանի, մարզական լրագրողներու եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու: