Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Պրումմանայի թենիսի տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին:
Երկու շաբաթ տեւած այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Պրումմանայի վարժարանի թենիսի դաշտերուն վրայ:
Աւարտական մրցումներուն (տարբեր դասակարգերուն մէջ) ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն ներկայութեան:
Մրցանակաբաշխութեան ներկաներուն կարգին էին նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Էտի Ապի Լամաա եւ Սամի Ժեմայէլ:
Լուսանկարները՝ PROFOTO