Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեան ՀՄԸՄ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին միացուց Քրիս Ճոնսընը:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ ամբողջացուցած եղաւ իր օտարականները:
Նախապէս խումբին միացած էին Նէյթ Ռոպինսըն եւ Սեմի Մոնրօ:
Երէկ նաեւ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի կազմին միացան Ժերար Հատիտեան, Փաթրիք Պու Ապպուտ, մինչ Քարիմ Զէյնուն երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը Լիբանանի ախոյեանին հետ:
Այլ գետնի վրայ, ՀՄԸՄ-էն հեռացաւ Հայկ Կէօքճեան, որ միացաւ Ռիատիին: Վերջինս իր կազմին միացուցած է նաեւ Մարք Լայընզը, Քրիսթաֆըր Օպեքփան, ինչպէս նաեւ Շարլ Թապեթը:
Իսկ Տուայն Ճեքսըն Սաժեսէն տեղափոխուեցաւ Շանվիլ:
Վերոնշեալ բոլոր փոխանցումները պաշտօնական են: