Երէկ` կիրակի, 12 օգոստոսին, Ինտոնեզիոյ մէջ աւարտեցաւ Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան աւարտական եւ երրորդ դիրքի մրցումները:
Լիբանանի ներկայացուցիչը` Կեդրոնական դրամատան խումբը Լիբանանի համար յաջողեցաւ պատմական իրագործում մը կատարել, երբ երրորդ դիրքի մրցումին 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իրաքեան Նաֆթ խումբին դէմ:
Նախապէս լիբանանեան որեւէ կազմ այս իրագործումը չէր կրցած կատարել:
Կեդրոնական դրամատան մարզիկներէն Մըհտի Ժավեր հանդիսացաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը: